Ռաքքա ապրող եւ Սուրիոյ պատերազմին պատճառով Հալէպ տեղափոխուած հայ զինծառայողին ճակատագիրը կը շարունակէ մնալ անյայտ: Այս մասին «Արեւլք» տեղեկութիւն ստացաւ Հալէպի իր աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը նաեւ հաստատեց, որ 1992 թուականի ծնունդ Յարութ (հօր անունը՝ Մանուկ) Պաղտոյեան ասկէ շուրջ ամիս մը առաջ անհետացած է: Սուրիոյ բանակի զինուորը ծառայած է Իտլիպ, Տարայա եւ Դամասկոս քաղաքներուն մէջ, ու ան վերջին անգամ տեսնուած է Հալէպի մէջ: Մեր աղբիւրին փոխանցումով` Յարութի ընտանեկան պարագաները կը գտնուին Սուրիայէն դուրս: Նշենք, որ անցնող մէկ ամսուան ընթացքին այս երկրորդ պարագան է, որ կը գրանցուի եւ 3 շաբաթ առաջ Յարութ Քահքէճեան անունով հալէպահայ այլ զինուոր մը նոյնպէս անհետացած էր: Քահքէճեան կը մասնակցէր Հալէպի «Ալ Հըքմէ» վարժարանի շրջանի պաշտպանութեան մարտերուն, եւ անոր հետքը կորսուած է անցնող 1 օգոստոսէն ի վեր: