Արցախի Հանրապետութեան կառավարութեան 2020 թուականի 26 մարտին ընդունած որոշմամբ, հանրային իշխանութեան մարմիններու եւ անոնց ենթակայ կազմակերպութիւններու գործունէութեան նկատմամբ սահմանուած են շարք մը սահմանափակումներ:
Մասնաւորապէս՝ Հանրապետութեան հանրային իշխանութեան մարմիններու գործունէութիւնը հնարաւոր բոլոր պարագաներուն պիտի իրականացուի հեռավար/առցանց եղանակով՝ միաժամանակ ապահովելով մարմնի գործառոյթներու անխափան իրականացումը: Հանրային իշխանութեան մարմիններու վարչական շէնքերուն մէջ կ'արգիլուի աշխատակիցներու մուտքը, եթէ առանձին աշխատակիցներու մասով առկայ չէ մարմնի ղեկավարի ցուցումը:
Բացի այդ, կառավարութեան որոշմամբ ժամանակաւորապէս կը դադարեցուի պետական կառավարման եւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու սպասարկման գրասենեակներու գործունէութիւնը, իսկ անոր անհնարինութեան պարագային՝ կը սահմանափակուի անոնց գործունէութիւնը՝ էապէս նուազեցնելով աշխատանքային ժամերն ու անձնակազմի թիւը։
Առցանց ծառայութիւններու առկայութեան պարագային ծառայութիւնները կը մատուցուին բացառապէս ելեկտրոնային եղանակով, իսկ ատոր անհնարինութեան պարագային՝ անյետաձգելի անհրաժեշտութեան պարագային. կառավարութեան որոշման համաձայն, քաղաքացիներու անյետաձգելի կարիքներուն արձագանգելու նպատակով պետական կառավարման եւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններն իրենց պաշտօնական կայքէջերու, ընկերային ցանցերու եւ զանգուածային լրատւութեան միջոցներով պիտի հրապարակեն մարմիններու գործող հեռախօսահամարներու, կայքէջերու, ելեկտրոնային փոստի հասցէներու եւ կ'ապի այլ միջոցներու վերաբերեալ տուեալներ:
Կառավարութեան սոյն որոշման գործողութեան ժամկէտ սահմանուած է մինչեւ 31 մարտը ներառեալ: