ԹԱՔ քրտական կազմակերպութիւնը, որ իրականացուցած էր Անգարայի վերջին պայթումը, զգուշութեան հրաւիրած է Թուրքիա այցելել ծրագրող զբօսաշրջիկները, յայտնելով, որ իրենք նոր յարձակումներ պիտի կազմակերպեն Թուրքիոյ զբօսաշրջական կեդրոններու վրայ: ԹԱՔ համացանցի իր էջին վրայ յայտնած է, որ զբօսաշրջութիւնը Թուրքիոյ համար շատ կարեւոր եկամուտ ու զէնք մըն է իր կեղտոտ պայքարը շարունակելու համար, ուստի իրենք պատրաստութիւն կը տեսնեն որպէսզի յարձակին Թուրքիոյ զբօսաշրջային կեդրոններուն դէմ: «Կ'ազդարարենք օտար զբօսաշրջիկները: Թուրքիա չերթա՛լ, եթէ երթաք եւ փորձանքի հանդիպիք, ապա ձեր մահուան պատասխանատու պիտի չըլլանք: Ուստի կը յանձնարարենք, որ տեղացի կամ օտար զբօսաշրջիկներ հեռու մնան զբօսաշրջական այցելութիւններ տալէ, այսուհետեւ մեր թիրախները պիտի ըլլան այդ կետերը» գրած է ԹԱՔ: Նշենք, որ Թուրքիա զբօսաշրջական ծանր տագնապի մէջ կը գտնուի, վար առնուած ռուսական կործանիչի հարցով Ռուսաստանի հետ յարաբերութիւնները խանգարուած օրէն ի վեր: Ռուսաստան այժմ չ'արտօներ, որ ռուսները զբօսաշրջութեան երթան Թուրքիա: Այս կապակցութեամբ Թուրքիոյ զբօսաշրջական կազմակերպութիւնները կը գանգատին զբօսաշրջիկի բացակայութենէն: ԹԱՔ-ի այս սպառնալիքը հաւանաբար նոր հարուած մը պիտի ըլլայ Թուրքիոյ զբօսաշրջութեան համար: