image

Քրտական ԹԱՔ Կազմակերպութիւնը Ասպարէզ Կը Կարդայ Թուրքիա Այցելել Ուզող Զբօսաշրջիկներու Գլխուն

Քրտական ԹԱՔ  Կազմակերպութիւնը   Ասպարէզ Կը Կարդայ  Թուրքիա  Այցելել Ուզող Զբօսաշրջիկներու  Գլխուն

ԹԱՔ քրտական կազմակերպութիւնը, որ իրականացուցած էր Անգարայի վերջին պայթումը, զգուշութեան հրաւիրած է Թուրքիա այցելել ծրագրող զբօսաշրջիկները, յայտնելով, որ իրենք նոր յարձակումներ պիտի կազմակերպեն Թուրքիոյ զբօսաշրջական կեդրոններու վրայ: ԹԱՔ համացանցի իր էջին վրայ  յայտնած է, որ զբօսաշրջութիւնը Թուրքիոյ համար շատ կարեւոր եկամուտ ու զէնք մըն է իր կեղտոտ պայքարը շարունակելու համար, ուստի իրենք պատրաստութիւն կը տեսնեն որպէսզի յարձակին Թուրքիոյ զբօսաշրջային  կեդրոններուն դէմ: «Կ'ազդարարենք օտար զբօսաշրջիկները: Թուրքիա չերթա՛լ, եթէ երթաք եւ փորձանքի հանդիպիք, ապա ձեր մահուան պատասխանատու պիտի չըլլանք: Ուստի կը յանձնարարենք, որ տեղացի կամ օտար զբօսաշրջիկներ հեռու մնան զբօսաշրջական այցելութիւններ տալէ, այսուհետեւ մեր թիրախները պիտի ըլլան այդ կետերը» գրած է ԹԱՔ: Նշենք, որ Թուրքիա  զբօսաշրջական ծանր տագնապի մէջ  կը գտնուի, վար առնուած ռուսական  կործանիչի  հարցով Ռուսաստանի հետ յարաբերութիւնները խանգարուած օրէն ի վեր: Ռուսաստան այժմ չ'արտօներ, որ ռուսները զբօսաշրջութեան երթան Թուրքիա: Այս կապակցութեամբ Թուրքիոյ զբօսաշրջական կազմակերպութիւնները կը գանգատին զբօսաշրջիկի բացակայութենէն: ԹԱՔ-ի այս սպառնալիքը հաւանաբար նոր հարուած մը պիտի  ըլլայ Թուրքիոյ զբօսաշրջութեան   համար: