image

Քրիստոնէական Նոյն Վկայութեամբ Պիտի Վերակառուցենք Մեր Եկեղեցին. Վերապատուելի Յարութիւն Սէլիմեան

Քրիստոնէական  Նոյն Վկայութեամբ Պիտի Վերակառուցենք Մեր Եկեղեցին. Վերապատուելի Յարութիւն Սէլիմեան

«Եկեղեցին ծանրօրէն վնասուած է բայց եւ այնպէս     մենք    պիտի շարունակենք մեր առաքելութիւնը»  «Արեւելք» ին  յայտնեց   Սուրիոյ Հայ Աւետարանական    համայնքի նախագահ Վերապատուելի Յարութիւն Սէլիմեան: Վերապատուելին նաեւ նշեց, որ  «Մեզի համար իսկական եկեղեցին  հաւատացեալներու  խումբն է ու հակառակ նիւթեղէն կառոյցին կռած ծանր վնասներուն    պիտի շարունակենք մեր  առաքելութիւնը  եւ   մեր կուռ կամքով եւ քրիստոնէական բարձր վկայութեամբ անպայման պիտի վերակառուցենք մեր եկեղեցին»:  Վերապատուելի  Սէլիմեան նաեւ նշեց, որ դէպքը  եղած   պահուն ինք կը գտնուէր Հայ Աւետարանական Փէթէլ   եկեղեցի եւ սովորականին պէս կը կատարէր իր  կրօնական  պարտականութիւնները:Նշենք, որ Վերապատուելի   Սէլիմեան   դէպքէն անմիջապէս ետք երէկ Էմմանուէլ եկեղեցւոյ պատասխանատուներուն հետ  այցելած էր  դէպքի  վայր,     մօտէն ծանօթալու ընդհանուր իրավիճակին եւ պէտք եղած կարգադրութիւնները կատարած: Յիշեցնենք, որ  երէկ Կիրակի   18 Յունուարի  յետմիջօրէին հրթիռ մը ինկած էր  Հալէպի «Ազիզիյէ» շրջանին  մէջ  գտնուող Հայ Աւետարանական  Էմաննուէլ եկեղեցին վրայ պատճառելով նիւթական  ծանր  վնասներ: