«Եկեղեցին ծանրօրէն վնասուած է բայց եւ այնպէս մենք պիտի շարունակենք մեր առաքելութիւնը» «Արեւելք» ին յայտնեց Սուրիոյ Հայ Աւետարանական համայնքի նախագահ Վերապատուելի Յարութիւն Սէլիմեան: Վերապատուելին նաեւ նշեց, որ «Մեզի համար իսկական եկեղեցին հաւատացեալներու խումբն է ու հակառակ նիւթեղէն կառոյցին կռած ծանր վնասներուն պիտի շարունակենք մեր առաքելութիւնը եւ մեր կուռ կամքով եւ քրիստոնէական բարձր վկայութեամբ անպայման պիտի վերակառուցենք մեր եկեղեցին»: Վերապատուելի Սէլիմեան նաեւ նշեց, որ դէպքը եղած պահուն ինք կը գտնուէր Հայ Աւետարանական Փէթէլ եկեղեցի եւ սովորականին պէս կը կատարէր իր կրօնական պարտականութիւնները:Նշենք, որ Վերապատուելի Սէլիմեան դէպքէն անմիջապէս ետք երէկ Էմմանուէլ եկեղեցւոյ պատասխանատուներուն հետ այցելած էր դէպքի վայր, մօտէն ծանօթալու ընդհանուր իրավիճակին եւ պէտք եղած կարգադրութիւնները կատարած: Յիշեցնենք, որ երէկ Կիրակի 18 Յունուարի յետմիջօրէին հրթիռ մը ինկած էր Հալէպի «Ազիզիյէ» շրջանին մէջ գտնուող Հայ Աւետարանական Էմաննուէլ եկեղեցին վրայ պատճառելով նիւթական ծանր վնասներ: