image

Քիւրտերը վերաբացած են Թէլ Ապիատի Սուրբ Խաչ Եկեղեցին

Քիւրտերը վերաբացած են Թէլ Ապիատի Սուրբ Խաչ Եկեղեցին

«Ռաքքայի մօտ գտնուող Թէլ Ապիատ աւանին մէջ ապահովական վիճակը կայուն է», այս մասին կը հաղորդէ «Արեւելք»ի աղբիւրը: Ըստ մեր աղբիւրին, Թէլ Ապիատի մէջ անցեալին ապրող 35 ընտանիքնի փոխարէն, այսօր այնտեղ կ'ապրի միայն 8 հայ ընտանիք: Կը հաղորդուի նաեւ, որ բացի ընտանիքներէն այնտեղ կան շուրջ 15 անհատ հայեր, որոնք կը շարունակեն իրենց գործերը վարել Թէլ Ապիատի մէջ: Բացի  Թէլ Ապիատի տեղացիներէն, այնտեղ մեծ թիւով սեփական հողատարծքներ ունեցող հայ անհատներ ալ կան, որոնց հողերը Տահէշի կողմէ գրաւուելէ  ետք, քիւրտերուու կողմէ վերականգնուած եւ դարձեալ հայ տէրերուն վերադարձուած է: Տեղւոյն դպրոցը դադրած է գործելէ: Հայկական Ս. Խաչ եկեղեցին, որ «Տահէշ»ի գրաւման օրերուն՝ հրկիզուած եւ անոր գմբեթէն խաչը վերցուած էր, այժմ վերանորոգուած է:

 


 

Ծննդեան տօնին Հայկական Եկեղեցւոյ զանգակի տեղադրումը կատարուած է, որուն յաջորդած է ծննդեան աղօթքներու արտասանումը, սակայն առանց հոգեւոր հովիւի մը ներկայութեան, եւ առանց եկեղեցւոյ խաչի տեղադրման: Այս արարողութեան հայերու կողքին մասնակցած են նաեւ տեղւոյն քիւրտ բնակիչները: Կը նշուի նաեւ, որ Նոր տարուայ օրերուն քիւրտ բնակիչներու կողմէ զարդարուած եւ տօնածառ տեղադրուած է եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ:

 

 

Տեղւոյն քիւրտերը հայ համայնքի հետ գործակցելու նպատակով Թէլ Ապիատը ղեկավարող յանձնախումբի մէջ  երկու հայեր նշանակած են: Թէլ Ապիատի հայերը քիւրտ բնակիչներու կողմէ յարգալից վերաբերմունքի կ'արժանանան: