«Ռաքքայի մօտ գտնուող Թէլ Ապիատ աւանին մէջ ապահովական վիճակը կայուն է», այս մասին կը հաղորդէ «Արեւելք»ի աղբիւրը: Ըստ մեր աղբիւրին, Թէլ Ապիատի մէջ անցեալին ապրող 35 ընտանիքնի փոխարէն, այսօր այնտեղ կ'ապրի միայն 8 հայ ընտանիք: Կը հաղորդուի նաեւ, որ բացի ընտանիքներէն այնտեղ կան շուրջ 15 անհատ հայեր, որոնք կը շարունակեն իրենց գործերը վարել Թէլ Ապիատի մէջ: Բացի Թէլ Ապիատի տեղացիներէն, այնտեղ մեծ թիւով սեփական հողատարծքներ ունեցող հայ անհատներ ալ կան, որոնց հողերը Տահէշի կողմէ գրաւուելէ ետք, քիւրտերուու կողմէ վերականգնուած եւ դարձեալ հայ տէրերուն վերադարձուած է: Տեղւոյն դպրոցը դադրած է գործելէ: Հայկական Ս. Խաչ եկեղեցին, որ «Տահէշ»ի գրաւման օրերուն՝ հրկիզուած եւ անոր գմբեթէն խաչը վերցուած էր, այժմ վերանորոգուած է:

Ծննդեան տօնին Հայկական Եկեղեցւոյ զանգակի տեղադրումը կատարուած է, որուն յաջորդած է ծննդեան աղօթքներու արտասանումը, սակայն առանց հոգեւոր հովիւի մը ներկայութեան, եւ առանց եկեղեցւոյ խաչի տեղադրման: Այս արարողութեան հայերու կողքին մասնակցած են նաեւ տեղւոյն քիւրտ բնակիչները: Կը նշուի նաեւ, որ Նոր տարուայ օրերուն քիւրտ բնակիչներու կողմէ զարդարուած եւ տօնածառ տեղադրուած է եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ:

Տեղւոյն քիւրտերը հայ համայնքի հետ գործակցելու նպատակով Թէլ Ապիատը ղեկավարող յանձնախումբի մէջ երկու հայեր նշանակած են: Թէլ Ապիատի հայերը քիւրտ բնակիչներու կողմէ յարգալից վերաբերմունքի կ'արժանանան:
