Քրտական PYD (Partiya Yekîtiya Demokrat) կուսակցութեան համաղեկավար Սալէհ Մուսլէմի դէմ բերման հրամանագիր հրապարակուած է: Այս մասին լուրը կը փոխանցէ թրքական «Անատոլու» լրատուական գործակալութիւնը: Աղբիւրը նոյնպէս կը նշէ, որ ըստ Անգարայի իշխանութիւններուն Մոսլէմ կը մեղադրուի Թուրքիոյ մէջ եղող ահաբեկչական խմբաւորումներ հովանաւորելու մեղադրանքով:
Նշենք, որ նշեալ կուսակցութիւնը հիմնուած է 2003-ին: