image

Քեսապ Հաստատուած Հայորդիներ Այցելած Են Ղընէմյէ

Քեսապ  Հաստատուած Հայորդիներ  Այցելած Են Ղընէմյէ

 Սուրիոյ  պատերազմին  հետեւանքով Քեսապ   հաստատուած հայորդիներ    այցելած են  իրենց ծննադավայր ՝ Ղընէմյէ: Այս  մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ     Քեսապի իր աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը նաեւ   յայտնեց, որ    Ղընէմյէի մէջ  տուներ ունեցող հայորդիները   ամիսներէ ի վեր առաջին անգամ ըլլալով   յաջողած են  հասնիլ          շրջան, որ  վերջերս     Սուրիոյ  բանակի   ճիգերով ազատագրուած էր   ահաբեկչական խմբաւորումներէն:  Կը  հաղորդուի նաեւ, որ  իսլամիստ ծայրայեղականներ   վար  առած են    շրջանին մէջ եղող Սուրբ Գէորգ եկեղեցիի   գմբէթին գտնուող խաչը:  Յիշեցնենք,  որ Ղընէյմէն     նախքան Սուրիոյ  պատերազմին սկիզբը   ամբողջութեամբ հայաբնակ   գիւղ կը համարուէր: