image

Քաֆարսուսէի պայթումի թիրախը ռուս ռազմագէտներն էին. «Ֆաթհ Ալ-Շամ»

Քաֆարսուսէի պայթումի թիրախը ռուս ռազմագէտներն էին. «Ֆաթհ Ալ-Շամ»

Երէկ, 18 3ունուարին Սուրիոյ մէջ գործող «Ֆաթհ Ալ-Շամ» ահաբեկչական խմբաւորումը ստանձնած է անցնող շաբթուան ընթացքին Դամասկոսի Քաֆարսուսէ շրջանին մէջ տեղի ունեցած պայթումին պատասխանատուութիւնը, նշելով, որ պայթումին թիրախը երկու ռուս ռազմագէտներ էին: Այս մասին կը հաղորդէ «Ալ-Նահար» գործակալութիւնը:

Նշուած է, որ ըստ «Ֆաթհ Ալ-Շամի»ի (նախկին՝ Ալ-Նուսրան), ահաբեկչական պայթումին նախորդած է ընդհարում, որուն ընթացքին ռուս ռազմագէտներ զոհուած եւ վիրաւորուած են:

Միւս կողմէ Սուրիոյ կառավարութեան համակիրներ յայտնած են, որ պայթումին բոլոր զոհերը սուրիացի արաբներ էին:

Նշենք, որ Դամասկոսի Քաֆարսուսէ շրջանին մէջ կը գտնուին շարք մը  անվտանգութեան եւ հետախուզական կեդրոններ, որոնց թուին են նաեւ՝ Արտաքին Գործոց նախարարութեան եւ Խորհրդարանի շէնքերը: