Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան, երէկ` չորեքշաբթի, 24 փետրուարին, երեկոյան ժամը 8:00-ին, «Աբրահամ Աշճեան» երիտասարդական-ուսանողական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Երուանդ Մոնոֆարեան» գրադարանի բացումը:
Ձեռնարկին սկիզբը Երուանդ Մոնոֆարեանի քոյրերը` Մարի եւ Արմինէ Մոնոֆարեաններ, ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի եւ Երուանդ Փամպուքեանի հետ միասին հատեցին ժապաւէնը եւ կատարեցին գրադարանի բացումը:
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի վարչութեան խօսքէն ետք, խօսք առաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի: Բագրատունի իր խօսքին մէջ ըսաւ, թէ Երուանդ Մոնոֆարեան հարուստ էր այս գիրքերով, եւ այդ հարստութիւնը փոխանցուեցաւ անոնց, որոնց համար իր կեանքի` ամբողջ ընթացքին աշխատած էր ան: Բագրատունի իր խօսքին մէջ աւելցուց, որ չկար աւելի լաւ ձեւ վառ պահելու Մոնոֆարեանի յիշատակը, քան իր անունով գրադարանի մը հաստատումը: Ան նաեւ ըսաւ, որ բոլոր անոնք, որոնք ծանօթ չեն Երուանդ Մոնոֆարեանին, պարզապէս այս գիրքերուն խորագիրները կարդալով կրնան ծանօթանալ ընկերոջ եւ իր աշխատանքի ուղիին: Օրուան բանախօսը ներկաներուն յիշեցուց նաեւ, թէ Մոնոֆարեանն ու գիրքը մէկ էին, եւ անոր հետաքրքրութիւնը չէր կեդրոնանար միայն գրականութեան վրայ, այլ ան իր վերջին տարիներուն կ՛աշխատէր նաեւ նոր բառարանի մը պատրաստութեան վրայ:
Լուրի աղբիւր ՝ «Ազդակ»