Թուրքիոյ իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան հետ կապուող թրքական Optimar ընկերային հարցախոյզ իրականացնող ընկերութիւնը նոր տուեալներ ներկայացուցած է հերթական հարցախոյզի արդիւնքներու մասին։
Թրքական HaberturkTV–ի եթերին Optimar–ի ղեկավար Հիլմի Տաշտէմիրը նշած է, որ Պոլսոյ քաղաքապետի նոր ընտրութիւններու հետ կապուած հարցախոյզի արդիւնքները ցոյց տուած են, որ 31 մարտին ընտրուած ընդդիմադիր թեկնածու Էքրեմ Իմամօղլուն 4 տոկոսով առաջ է իշխանական թեկնածու Պինալի Եըլտըրըմէն:
Նշենք, որ 31 մարտին Պոլսոյ քաղաքապետ ընտրուած էր ընդդիմադիր թեկնածուն, սակայն իշխող կուսակցութիւնը չէր համակերպած պարտութեան հետ եւ ճնշում գործադրած էր ԿԸՀ–ի վրայ։ Ճնշման հետեւանքով ԿԸՀ–ն չեղեալ յայտարարած էր Պոլսոյ ընտրութեան արդիւնքները եւ նոր ընտրութիւնները նշանակած 23 յունիսին։