image

Պոլսոյ Կէտիկփաշայի եկեղեցիին՝ հատուցում

Պոլսոյ Կէտիկփաշայի եկեղեցիին՝ հատուցում

Կէտիկ­փա­շայի Սուրբ Յով­հաննէս եկե­ղեցին երկարատեւ դատական պայքարէ ետք յաջողեցաւ փաստել իր իրաւունքը եւ տիրացաւ անցեալին յափշտակուած կարեւոր կալուածին վնասուց հատուցումին։ Այս մասին կը հաղորդէ «Ակօս»ը:

Կիրակի՝ 17 Նո­յեմ­բերին, եկե­ղեց­ւոյ մէջ մա­տու­ցո­ւած Ս. Պա­տարա­գի աւար­տին այս մա­սին առա­ջին յայ­տա­րարու­թիւնը ըրաւ Պատ­րիար­քա­կան տե­ղապահ Սա­հակ Եպսկ. Մա­շալեան։ Սրբա­զանը աւե­տեց, թէ եկե­ղեցին յա­ջողած է վե­րահաս­տա­տել իր սե­փակա­նու­թիւնը, որուն հա­մար հա­տու­ցում պի­տի ստա­նայ Պոլսոյ քա­ղաքա­պետա­րանէն։ Այս մա­սին բա­ցատ­րութիւններ տո­ւաւ Թա­ղական խոր­հուրդի ատե­նապետ Յա­րու­թիւն Շան­լը։ Շան­լը նախ ու­րա­խու­թիւն յայտնեց ար­դա­րու­թեան կա­յացած ըլ­լա­լուն հա­մար եւ ապա նշեց, թէ ցարդ 130 աշա­կերտներ, որ կրթա­թոշակ կը ստա­նային, այժմ անոնց թի­ւը բարձրա­ցած է 140-ի։ Նմա­նապէս բարձրա­ցած են նաեւ թո­շակ­նե­րը։

«Քա­ղաքա­պետ Էք­րեմ Իմա­մօղ­լո­ւի հետ հա­մաձայ­նած ենք, թէ եկե­ղեցին այդ հա­տու­ցումը ստա­նայ բա­ժին­նե­րով, քա­նի որ ամ­բողջա­կան գու­մա­րը, որ կը հաս­նի 8 մի­լիոն ԹԼ.-ի դժուարու­թիւն պի­տի յա­ռաջաց­նէ նաեւ քա­ղաքա­պետա­րանին»։

Սի­րոյ սե­ղանին ներ­կայ գտնո­ւեցան նաեւ Մա­շալեան սրբա­զանի հա­մակիր­նե­րը։