image

Պոլսոյ Հայաստանցիներու Յատուկ «Հրանդ Տինք» Դպրոցի Աշակերտները Նոր Շէնք Պիտի Փոխադրուին

Պոլսոյ Հայաստանցիներու  Յատուկ «Հրանդ Տինք»    Դպրոցի   Աշակերտները Նոր Շէնք   Պիտի Փոխադրուին

Պոլիս    ապրող հայաստանցի    աշակերտներուն  համար  յատուկ  կարգադրութիւն մը  կատարուած  է եւ անոնք  յառաջիկայ    տարուան վերամուտէն սկսեալ    պիտի փոխադրուին    աւելի  լաւ պայմաններ ունեցող    շէնք մը:  Այս մասին տեղեկութիւնը տրուած է  Պոլսոյ  մեր պաշտօնակից «Ժամանակ»ին կողմէ, որ կը յայտնէ, թէ      «Հրանդ Տինք» անուան դպրոցի աշակերտները  Գումգաբուի թաղային խորհուրդին կարգադրութեամբ  յառաջիկայ սեպտեմբերին   պիտի սկսին     իրենց  դասաւանդութիւններուն հետեւել շրջանին մէջ անցեալին գործող  Պօղոսեան- Վառվառեան    վարժարանի շէնքին մէջ:  Կը նշուի նաեւ, որ այս կարգադրութեան մէջ  կարեւոր   դեր ունեցած  է     Պոլսոյ  Պատրիարքի  ընդհանուր  փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ այս մասին  խօսած է  կիրակի օր   Պատրիարքարանին մրէջ    տեղի ունեցած      ազգային բնոյթ կրող   հանդիպման  մը ընթացքին:  Յիշեցնենք, որ   «Հրանդ Տինք» վարժարանը ներկայիս կը գործէ  Պոլսոյ Կէտիկփաշա  շրջանի Հայ  Աւետարանական եկեղեցւոյ ներքնայարկին մէջ, ու հոն   ՀՀ  կրթական համակարգի  ընդհանուր  ձեւաչափով իրենց ուսումը կը ստանան    շուրջ    150 հայաստանցի երեխաներ:        Աղբիւրը նաեւ կը հաղոորդէ, որ    «Հրանդ Տինք»ի անուան վարժարանին կարիքներուն հասնելու համար կարեւոր ներդրում կ'ունենայ   պոլսահայ համայնքի     գործիչներ   Յարութիւն  եւ Դալար Հորոզօղլու ամոլը:

Լուսանկարը ՝ «Արեւելք»ի: