Պոլիս ապրող հայաստանցի աշակերտներուն համար յատուկ կարգադրութիւն մը կատարուած է եւ անոնք յառաջիկայ տարուան վերամուտէն սկսեալ պիտի փոխադրուին աւելի լաւ պայմաններ ունեցող շէնք մը: Այս մասին տեղեկութիւնը տրուած է Պոլսոյ մեր պաշտօնակից «Ժամանակ»ին կողմէ, որ կը յայտնէ, թէ «Հրանդ Տինք» անուան դպրոցի աշակերտները Գումգաբուի թաղային խորհուրդին կարգադրութեամբ յառաջիկայ սեպտեմբերին պիտի սկսին իրենց դասաւանդութիւններուն հետեւել շրջանին մէջ անցեալին գործող Պօղոսեան- Վառվառեան վարժարանի շէնքին մէջ: Կը նշուի նաեւ, որ այս կարգադրութեան մէջ կարեւոր դեր ունեցած է Պոլսոյ Պատրիարքի ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ այս մասին խօսած է կիրակի օր Պատրիարքարանին մրէջ տեղի ունեցած ազգային բնոյթ կրող հանդիպման մը ընթացքին: Յիշեցնենք, որ «Հրանդ Տինք» վարժարանը ներկայիս կը գործէ Պոլսոյ Կէտիկփաշա շրջանի Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ ներքնայարկին մէջ, ու հոն ՀՀ կրթական համակարգի ընդհանուր ձեւաչափով իրենց ուսումը կը ստանան շուրջ 150 հայաստանցի երեխաներ: Աղբիւրը նաեւ կը հաղոորդէ, որ «Հրանդ Տինք»ի անուան վարժարանին կարիքներուն հասնելու համար կարեւոր ներդրում կ'ունենայ պոլսահայ համայնքի գործիչներ Յարութիւն եւ Դալար Հորոզօղլու ամոլը:
Լուսանկարը ՝ «Արեւելք»ի: