image

Պոլսահայ այլախոհ մտաւորական Սեւան Նշանեան հարցազրոյց տուած է «Ճումհուրիյէթ»ին

Պոլսահայ այլախոհ մտաւորական Սեւան Նշանեան հարցազրոյց տուած է «Ճումհուրիյէթ»ին

Պոլսահայ մտաւորական, լեզուաբան Սեւան Նշանեան բացառիկ հարցազրոյց տուած է թրքական ամենայայտնի ընդդիմադիր պարբերականին՝ «Ճումհուրիէթ»ին, որ սակայն խուսափած է հրապարակել այն՝ Նշանեանի արտայայտած սուր քննադատութիւններուն եւ թուրք ազգայնականներուն ու կրօնամոլներուն դէմ հեգնանքին պատճառով:

 

Նշանեան հարցազրոյցի ամբողջական պատճէնը տեղադրած է հասարակական կայքերէն մէկու իր էջին, խոստովանելով, որ վստահ էր, որ այն թրքական մամուլը պիտի չտպագրէ:

Խնդիրն այն է, որ թուրք լրագրողին այն հարցին, թէ ինչպիսի Թուրքիա կը ցանկայ վերադառնալ փախուստի դիմած Նշանեան, Յունաստան բնակութիւն հաստատած հայ մտաւորականը պատասխանած է. «Այնպիսի Թուրքիա մը, ուր քեմալիստներն ու իսլամիստները պիտի ցուցադրուին թանգարանը, որպէս տարօրինակութիւն»:

 

Աւելի ուշ հարցազրոյցը արտատպած է թրքական «hayred.net» կայքը, շեշտելով, որ հայ մտաւորականին որոշ միտքերը իրենք նոյնպէս չեն կիսեր:

 

«Թրքական պետութիւնը թրքական հասարակութիւնը ուտող քաղցկեղ է: Չեմ կարծեր, որ մօտ ապագային պիտի կարողանան ուշքի գալ: Լուրջ վիրահատական գործողութիւն պէտք է: Իմ կարծիքովս, խնդիրը մէկ հոգիի մէջ չէ, հարցն այն է, որ խնդիրն իրականութեան մէջ շատ աւելի խոր ու մեծ է, եւ ճիշդ այդ մէկ հոգիին «շնորհիւ» է, որ ջուրի երես դուրս կու գայ: Իշխանութիւնը փտած է: Կը կարծեմ, որ ասկէ 100 տարի առաջ աւելի վատ փտած էր: Ինչպէ՞ս կրնայ կրկին ոտքի կանգնիլ. բնաւ գաղափար չունիմ: Աւելին ըսեմ, արդեօք լաւ պիտի ըլլա՞յ, եթէ ոտքի կանգնի... Անոր մէջ ալ վստահ չեմ», - ըսած է Նշանեան «Ճումհուրիէթ»ին տվուած հարցարզոյցի ժամանակ:

 

Հարցազրոյցի ընթացքին Սեւան Նշանեան պատմած է նաեւ, որ այժմ կը գտնուի Յունաստանի Սամոս կղզին, ուր տեղաւորուած է իր ընկերներէն մէկուն գիւղական փոքրիկ տան մէջ: Մտաւորականը նշած է, որ ամբողջ ժամանակը կը ծախսէ իր գիրքերուն վրայ աշխատելով, հեծանիւ քշելով կամ Սամոս կղզիի գեղատեսիլ վայրերն ու յատկապէս լեռնային բարձրունքները երեկոյեան զբօսնելով: Ան յայտնած է նաեւ, որ յառաջիկային արդէն կը պատրաստուի նոր նախագիծերու վրայ աշխատիլ՝ թէ՛ գիտական, թէ՛ շինարարական ոլորտի մէջ:

Հարցին, թէ արդեօք Նշանեան յոյս ունի՞ Թուրքիա վերադառնալու, ան պատասխանած է. «Սիրտը «ցանցառ» բան է, միշտ յոյս կը տածէ»: