1999 Թուականէն ի վեր Նիւ Եորքի մէջ գործող «Կիւլէնիստ» թեքում ունեցող վարժարան մը վաճառքի հանուած է: Այս մասին կը փոխանցէ թրքական «Տէյլի Սապահ»ը: Աղբիւրը կը փոխանցէ, որ դպրոցը հիմնուած է թուրք այլախոհ կրօնական գործիչ Ֆէթհիւլլա Կիւլէնի ճիգերով, յիշեցնելով որ 2000 թուականէն ի վեր Ֆէթհիլլա Կիւլէն կը տնօրինէ տասնեակ վարժարաններ, որոնցմէ տարեկան կտրուածքով կը ստանայ 500 Միլիոն ամերիկեան տոլարի եկամուտ:
Թերթին փոխանցմամբ 15 յուլիսին Թուրքիոյ մէջ եղած յեղաշրջման փորձէն ասդին պետական շրջանակներ ծրագրուած ձեւով «պայքար» կը տանին Կիւլէնի եւ անոր վերագրուող «ՖԷԹՕ» շարժումին դէմ:
Իսկ միջազգային գետնի վրայ Անգարայի փափաքին ընդառաջելով Չատ, Քէնիա, Իրաք, Փաքիստան եւ Րուանտա փակած են իրենց մօտ գործող «Կիւլէնիստ» թեքում ունեցող վարժարանները: