image

Պրուքլինի «Կիւլէնիստ» վարժարանը վաճառքի հանուած

Պրուքլինի  «Կիւլէնիստ»    վարժարանը  վաճառքի հանուած

 1999 Թուականէն   ի վեր   Նիւ Եորքի մէջ  գործող  «Կիւլէնիստ» թեքում ունեցող վարժարան  մը   վաճառքի հանուած է: Այս մասին կը փոխանցէ   թրքական «Տէյլի Սապահ»ը: Աղբիւրը կը  փոխանցէ, որ դպրոցը հիմնուած է     թուրք    այլախոհ     կրօնական  գործիչ Ֆէթհիւլլա Կիւլէնի   ճիգերով, յիշեցնելով որ 2000 թուականէն ի   վեր Ֆէթհիլլա Կիւլէն կը տնօրինէ     տասնեակ   վարժարաններ,  որոնցմէ     տարեկան կտրուածքով կը ստանայ    500 Միլիոն  ամերիկեան տոլարի եկամուտ:

Թերթին փոխանցմամբ   15 յուլիսին Թուրքիոյ մէջ     եղած   յեղաշրջման  փորձէն ասդին  պետական շրջանակներ   ծրագրուած   ձեւով       «պայքար» կը տանին Կիւլէնի եւ անոր  վերագրուող «ՖԷԹՕ» շարժումին դէմ:

Իսկ միջազգային գետնի վրայ     Անգարայի  փափաքին ընդառաջելով Չատ,  Քէնիա, Իրաք,  Փաքիստան եւ  Րուանտա  փակած են իրենց մօտ գործող «Կիւլէնիստ» թեքում ունեցող վարժարանները: