ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանը բարձր պարգեւատրման ներկայացուցած է հակառակորդի կրակոցէն զոհուած զինծառայող Սիփան Սերժիկի Մելքոնեանի՝ մահվան վրէժը լուծող զինծառայողները: Վերջինները բարձր որակով կատարած են վերադասի հրամանը:
Այդ մասին ֆէյսպուքեան իր էջին գրած է ՀՀ ՊՆ մամուլի խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեանը:
Յիշեցնենք, որ 1 յունիսին N զօրամասի պահպանութեան շրջանի մարտական դիրքուն վրայ հակառակորդի կողմէ արձակուած կրակոցներէն մահացու հրազէնային վնասուածք ստացած է ժամկէտային զինծառայող Սիփան Սերժիկի Մելքոնեանը: Դէպքի առթիւ առաջին կայազօրային քննչական բաժնին մէջ ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 104-րդ յօդուածի 2-րդ մասի 7-րդ եւ 13-րդ կէտերով յարուցուած է քրէական գործ: