image

Պիլկի համալսարանի դասախօսը Էրտողանը քննադատելու համար հեռացուած է իր պաշտօնէն

Պիլկի համալսարանի դասախօսը  Էրտողանը քննադատելու համար հեռացուած է իր պաշտօնէն

Պոլսոյ Պիլկի համալսարանի դասախօս  մը  հեռացուած է իր պաշտօնէն: Այս մասին տեղեկութիւնը  կը փոխանցէ Academic Freedom  Monitor կայքը: Աղբիւրը նաեւ կը  նշէ, թէ  համալսարանի «հեռահաղորդակցութեան  հիմնարկ»ի դասախօս Զէյնապ Սայըն Պալքըճիօղլուն իր պաշտօնէն հեռացուած է Էրտողանը  քննադատելու պատճառով: Իր կարգին   համալսարանի  տնօրէնութիւնը    Պիլկիի կայքին վրայ զետեղած է հաղորդագրութիւն մը, ուր կ'ըսուի, թէ երէկ  համալսարանին մէջ կայացուած  դասախօսական հանդիպման մը աւարտին      տեղի ունեցած է բաց քննարկում, ուր Զէյնապ Պալըքճիօղլու ծանր մեղադրանքներ ուղղած է  Էրտողանի հասցէին: Նշենք, որ այս առաջին անգամը չէ, որ  Անգարայի իշխանութիւնները նման ճնշումներ կը գործադրեն Էրտողանի դէմ   արտայայտուող  ակադեմականներու  եւ   մտաւորականններո հանդէպ: