image

Փութինի այցը «Հմայմին» ռազմակայան եւ հանդիպումը Ասատի հետ

Փութինի այցը «Հմայմին» ռազմակայան եւ հանդիպումը Ասատի հետ

Երէկ, երկուշաբթի օր Ռուսիոյ նախագահ Փութին այցելած է սուրիական «Հմէյմին» ռազմակայանը: Վերջինս ընդունելու եկած են Սուրիոյ նախագահ Ասատ եւ Ռուսիոյ Պաշտպանութեան նախարար զօր. Սերկէյ Շոյկու, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ մէջ գործող ռուսական զօրքերու հրամանատարը:

Սուրիա ժամանած Ռուսիոյ նախագահը ռուս զինուորներու ներկայութեամբ իր ելոյթի ժամանակ հրաման արձակած է ռուսական ուժերը հեռացնել Սուրիայէն:

Փութին միաժամանակ շնորհակալական խօսք ուղղած է իր զինուորներուն, որոնք, ըստ անոր, յաղթանակը կրած պիտի վերադառնան իրենց երկիրը: