Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի մամլոյ խօսնակ Տմիթրի Փեսքով յայտնած է, որ Քրեմլին կը պատրաստուի յառաջիկայ Մարտին ընդունելու Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նախագահ Հասան Ռոհանին: Այս մասին կը հաղորդէ «Նովոսթի» գործակալութիւնը:
Իր կարգին, Ռուսիոյ մօտ Իրանի Հանրապետութեան դեսպանի փոխանորդ Ահմատ Հայտարեան հաստատած է, որ սոյն թուականի Մարտ ամսուն Ռոհանի պիտի ժամանէ Մոսկուա՝ իր ռուս գործընկերոջ՝ Փութինին հետ բանակցութիւններ վարելու նպատակով:
Յիշեցնենք, որ Փութին եւ Ռոհանի 24 Դեկտեմբերին, իրենց միջեւ կայացած հեռախօսազրոյցի ընթացքին, պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերած էին՝ Սուրիոյ ճգնաժամի լուծման ուղղութեամբ համատեղ պայքարը շարունակելու: