image

Փութին պիտի իրագործէ այն, ինչ Ստալին չկարողացաւ իրականացնել

Փութին պիտի իրագործէ այն, ինչ Ստալին չկարողացաւ իրականացնել

Ամերիկեան «Bloomberg» լրատուական գործակալութիւնը յայտնած է, որ Ռուսիոյ նախագահ Փութին մտադիր է Խորհրդային ղեկավար Ստալինի չյաջողած երազը կատարել:

Մանրամասներուն անդրադառնալով, «Bloomberg» կայքի վրայ լոյս տեսած յօդուածին մէջ գրուած է. «70 տարի առաջ Ստալին որոշած էր կամուրջ մը կառուցել, որ կը կապէ ուսական հողերը Ճափոնի մօտակայքը գտնուող Սախալին կղզիին՝ Թաթարսքի նեղուցին միջոցով, որուն լայնքը 7,3քմ էր: Սակայն Ստալինի վերահաս մահը 1953 թուականին պատճառ դարձաւ, որ նախագիծը չիրագործուի: Այսօր Ռուսիոյ նախագահը որոշած է վերսկսիլ յիշեալ հսկայական նախագիծի աշխատանքները, որուն ծախսը կը գնահատուի 286 միլիառ ռուպլի»:

Յօդուածին մէջ նշուած է նաեւ, որ նախագիծի իրագործման աշխատանքները, ամենայն հաւանականութեամբ, պիտի յանձնուին Փութինի մանկութեան ընկեր Արքատի Ռոթնպըրկի սեփականութիւնը հանդիսացող ընկերութեան:

Աղբիւրին հածորդմամբ, Սախալին կղզին մեծ նշանակութիւն ունի Ռուսիոյ համար, որովհետեւ այն հարուստ է նաւթով եւ կազով: