image
Հրատապ լուրեր:

Փութին-Փաշինեան կրկին հեռախօսազրոյց. Քրեմլին

Փութին-Փաշինեան կրկին հեռախօսազրոյց. Քրեմլին

Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահ՝ Վլատիմիր Փութին եւ  ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տիրող իրավիճակը։ Այս մասին կը յայտնէ Քրեմլինի մամլոյ ծառայութիւնը։

«Երկու կողմերն ալ լուրջ մտահոգութիւն յայտնած են Մերձաւոր Արեւելքէն անօրինական զինուած կազմաւորումներու ներգրաւուածութեան մասին տեղեկութիւններուն առնչութեամբ», - ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Փութինը վերստին ընդգծած է մարտերու անյապաղ դադրեցման եւ հակամարտութեան կարգաւորման ուղղուած քաղաքական-դիւանագիտական ջանքերու վերսկսման անհրաժեշտութիւնը, ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահ երկիրներու (Ռուսաստան, Ֆրանսա, ԱՄՆ) նախագահներու` 2020-ի 1 հոկտեմբերի յայտարարութեան հունով:

«Պայմանաւորուած են շարունակել շփումները տարբեր ձեւաչափերով», - նշուած է հաղորդագրութեան մէջ: