Աշխատանքային այցով Մոսկա գտնուող վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը այցելած է Ռուսաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանութիւն։ Վարչապետը հանդիսաւոր արարողութեան շրջագիծէն ներս Հայկական ֆութպոլին մատուցած անուրանալի ծառայութիւններու եւ ունեցած ակնառու նուաճումներու համար Նիկքիթա Սիմոնեանը պարգեւատրած է «Հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններպւ համար» 1-ին աստիճանի շքանշանով։
Իր խօսքին մէջ վարչապետը նշած է.
«Ինծի համար մեծ պատիւ է Նիքիթա Սիմոնեանին յանձնել հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններու համար Առաջին աստիճանի շքանշանը: Ես ծնած եմ 1975 թուականին եւ այն ժամանակէն, կը յիշեմ, որ մեր ընտանիքի, միջավայրի բոլոր առիթներուն, սեղաններու շուրջ անպայման անխուսափելիօրէն ինչ-որ պահի մը խօսակցութիւնը հասած է «Արարատ 73»-ին եւ Նիքիթա Սիմոնեանին:
Ինծի համար որպէս մարդ, որուն ամբողջ մանկութեան ընթացքին ուղեկցած է այդ անունը որպէս հերոս, մեծ պատիւ է այսօր անձամբ ծանօթանալ եւ այս առիթը ունենալ: Կը կարծեմ, որ իսկապէս շատ դիպուկ կը բնորոշէ այս շքանշանը իր հայրենիքի՝ Հայաստանի առաջ Նիքիթա Սիմոնեանի ծառայութիւնը, վաստակը, որովհետեւ կը կարծեմ, որ խօսքը ընդամէնը ֆութպոլի մասին չէ. «Արարատ-73»-ը դարձած է մեր ազգային ինքնագիտակցութեան անբաժանելի մասը, մեր ազգային ինքնավստահութեան, մեր ազգային հպարտութեան, սեփական ուժերու նկատմամբ մեր հաւատքի շատ կարեւոր յենասիւն մը:
...Յարգելի պարոն Սիմոնեան, թոյլ տուէք Հայաստանի Հանրապետութեան անունով, հայ ժողովուրդի անունով շնորհակալութիւն յայտնել Ձեզ՝ հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններուն համար։ Մենք հպարտ ենք Ձեզմով», - նշած է վարչապետ Փաշինեանը։
Նիքիթա Սիմոնեանը շնորհակալութիւն յայտնած է վարչապետին բարձր գնահատանքի համար եւ նշած, որ միշտ հպարտ եղած է հայ ըլլալու, ֆութպոլի մէջ արձանագրած յաջողութիւններով հայ ազգի պատիւը բարձր պահելու համար։