image

Փաշինեան պէտք է հեռանայ. Ընդդիմութեան առաջնորդ՝ Վազգէն Մանուկեան

Փաշինեան պէտք է հեռանայ. Ընդդիմութեան առաջնորդ՝ Վազգէն Մանուկեան

Նիկոլ Փաշինեանի ամէն մէկ օրը մեզի ամիսներով ետ կը տանի, Ազատութեան հրապարակին մէջ հրաւիրուած հանրահաւաքի ժամանակ ըսած է Հայրենիքի փրկութեան խորհուրդի վարչապետի թեկնածու Վազգէն Մանուկեանը։ Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ «Այսօր.ամ»  կայքէն:

«Ինչքան շուտ մենք անոնց հեռացնենք, այնքան արագ կ'երթանք ճանապարհով, որով 1988-ին գացինք եւ հասանք յաղթանակներու։ Նիկոլ Փաշինեանը մէկ բան ալ պէտք է հասկնայ, որ ինչքան շուտ հրաժարական տայ, այդքան լաւ է իր համար։ Եթէ ստեղծուած այս շարժումը չյաղթէ՝ գազազած ժողովուրդը իրեն կը յօշոտէ։ Այս շարժումը այն ճանապարհն է, որ հնարաւորութիւն կու տայ քաղաքակիրթ ձեւով փոխել իրավիճակը Հայաստանի մէջ: Ձախողեցաւ՝ աւելի վատ պիտի ըլլայ, բայց ինքը բոլոր պարագաներուն պիտի երթայ», - ըսած է Մանուկեանը։
Ան նշած է, որ պիտի ձեւաւորուի ժամանակաւոր կառավարութիւն, ապա թուարկած է, թէ ինչ խնդիրներ պիտի լուծէ այդ կառավարութիւնը.
«Առաջինը՝ երբեք չենք հաշտուիր այդ եռակողմ յայտարարութեան հետ, բայց այդ փաստաթուղթը տե ֆաքթօ կ'աշխատի, եւ չենք կրնար այն փոխել կամ հրաժարիլ անկէ։ Այդ պայմանագիրը կազմուած է շատ փնթի, բացթողումներով։ Այս նոր կառավարութիւնը պէտք է կարողանայ բանակցութիւններու միջոցով ամէն մէկ անորոշութիւն դարձնէ ի օգուտ Հայաստանի։
Երկրորդը՝ անվտանգութեան հարցն է։ Մենք պէտք է նորէն վերականգնենք մեր բանակը, մարտունակութիւնը, դարձնենք ժամանակակից բանակ»։
Վազգէն Մանուկեանն ըսած է, որ նորէն պէտք է մտնել բանակցային գործընթացի մէջ, քանի որ Հայաստանի համար այդ շատ կարեւոր է։
«Ամենակարեւոր հարցերէն մէկն ալ մեր անհետ կորած զինուորներու, գերիներու, զոհուած զինուորներու ընտանիքներուն օգնելու խնդիրն է։
Կարեւոր է նաեւ Հայաստանի մթնոլորտի առողջացումը։ Հայաստանի մէջ կ'աշխատին արտաքին ուժեր, որոնք դիտաւորեալ կը պառակտեն մեր ժողովուրդը։ Պէտք է մաքրել այդ դաշտը, եւ մեր առջեւ ինչքան մեծ խնդիրներ դնենք, այնքան աւելի միասնական կ'ըլլանք։ Գլխաւոր խոչընդոտներէն մէկը, որ թոյլ չի տար մեր ժողովուրդին առաջ երթալ, այդ Նիկոլ Փաշինեանն է։ Նիկոլ Փաշինեանը պէտք է հեռանայ, թող հեռանայ կամաւոր, թէ չէ կը հեռանայ զոռով», - յայտարարած է Վազգէն Մանուկեանը։