Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը 8-9 օգոստոսին աշխատանքային այց պիտի կատարէ Ղրղզստանի Հանրապետութիւն: Այս մասին կը տեղեկացնէ ՀՀ կառավարութեան տեղեկատւութեան եւ հասարայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը։
Հայաստանի վարչապետը Ղրղզստանի Չոլփոն-Աթա քաղաքին մէջ պիտի մասնակցի Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդի հերթական նիստի աշխատանքներուն։ Նիստը պիտի մեկնարկի ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի՝ որպէս ԵԱՏՄ մարմիններու մէջ նախագահող երկրի ղեկավար, բացման ելոյթով։
Կը նախատեսուի Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի եւ Եւրասիական տնտեսական յանձնաժողովի նախագահ Տիգրան Սարգսեանի համատեղ յայտարարութիւնը ԶԼՄ ներկայացուցիչներու համար, ինչպէս նաեւ ԵԱՏՄ շրջանակէն ներս համագործակցութեան վերաբերեալ փաստաթուղթերու ստորագրում եւ նամականիշի մարման արարողութիւն:
Այցի շրջագիծէն ներս կը նախատեսուին Հայաստանի վարչապետի հանդիպումները Ղրղզստանի Հանրապետութեան նախագահ Սոորոնպայ Ժեենպեքովի եւ Ռուսաստանի Դաշնութեան կառավարութեան նախագահ Տմիթրի Մետվետեւի հետ:
Նիկոլ Փաշինեանը ԵԱՏՄ անդամ երկիրներու վարչապետներու հետ ներկայ պիտի գտնուի նաեւ «Tengri Music Fest - 2019» ամենամեայ միջազգային երաժշտական փառատօնի բացման: