Ամերիկեան Հարվերտ համալսարանի՝ շարժանկարի գիտութեան թեկնածութեան աստիճանի յաւկնորդներուն «պարտադիր դիտում» շարժանկարներու ցանկին մէջ իր տեղը գրաւած է նաեւ հայ ֆիլմարուեստի մեծանուն բեմադրիչ Սէրկէյ Փարաճանովի «Մոռացուած նախիրներու ստուերները» (1964) եւ «Նռան գոյնը» (1969) ֆիլմերը: Ընդհանուր առմամբ, ցանկի մէջ ներառուած են համաշխարհային շարժանկարի գեղարուեստական եւ վաւերագրական բնոյթ կրող 800 լաւագոյն ժապաւէններ, որոնց շարքին են խորհրդային շրջանի 20 ֆիլմեր եւ 2002-ին արտադրուած «Ռուսական տապան» ֆիլմը: