Թուրք մտաւորական Գատիր Աքին Փարամազի մասին դասախօսութիւն պիտի կարդայ Պոլսոյ «Գատըքէօյ» շրջանի Լիսէին մէջ: Այս մասին տեղեկութիւնը ստացանք Պոլսոյ մեր աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը նաեւ հաղորդեց, որ դասախօսութիւնը պիտի կայացուի վաղը՝ 23 փետրուարին: Գատիր Աքինի կողքին խօսքով հանդէս պիտի գայ «Նոր Զարթօնք» շարժումի անդամներէն ՝ Ալէքիսիս Գալք: Յիշեցնենք, որ Աքին Փարամազի մասին թրքերէն լեզուով աշխատութիւն հրապարակած է: