image

Պէյրութ. Նախագահական պալատին մօտ ցոյց ... եւ հակացոյց

Պէյրութ. Նախագահական պալատին  մօտ ցոյց ... եւ հակացոյց

Պէյրութի  մէջ այսօր դարձեալ  ցոյցեր կը սպասուին։  Այս մասին   տեղեկութիւնը հաղորդեց  RLL  կայանը, նշելով, որ   46   օրէ ի վեր  երկրի տարբեր քաղաքներուն   մէջ    ցոյցեր կատարող    բողոքարարները   մտադրած են  այսօր իրենց   գործողութիւնները  իրականացնել   Պաապտայի   նախագահական  պալատին շուրջ։

Ցուցարարները     երկրի նախագահէն կը պահանջեն արագացնել   նոր վարչապետի  անուան   հետ կապուած   պարտադիր խորհրդակցութիւնները: Ի դէպ, կը նշուի նաեւ, որ  նախագահ Աունի   համակիրները  կը պատրաստուին նոյնպէս      պատասխան ցոյցով մը հանդէս  գալ եւ  զօրակցութիւն   յայտնել   իրենց առաջնորդին։

Լրատուական աղբիւրներ նոյնպէս   կը  հաղորդեն, որ     լիբանանեան  բանակի  զինուորներ     շրջանի ապահովութիւնը վերահսկողութեան տակ  պահելու նպատակով  տարածուած են Պաապտա  գաւառակի բոլոր կարեւոր  ճանապարհներուն   վրայ։

Բողոքի  ցոյցեր պիտի  կայացուին նաեւ    Պէյրութի  կեդրոնական  դրամատան    գլխաւոր մուտքին։