image

Պատգամս չորս բառ է «Մենք Արցախի կողքին ենք» Քրիս Պոհչալեան

Պատգամս չորս բառ է «Մենք  Արցախի կողքին ենք» Քրիս Պոհչալեան

Լեռնային Ղարաբաղի   Հանրապետութեան  անկախութեան  25-րդ տարեդարձի առթիւ ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեան, ի շարս այլ գործիչներու, նոյնպէս պարգեւատրած է  օրերս Արցախ այցելող ամերիկահայ գրող Քրիս  Պոհչալեանը:    ԼՂՀ նախագահական  կեդրոնատեղէն  ներս   տեղի ունեցած  պաշտօնական միջոցառման ընթացքին  նախագահ Բակօ  Սահակեան յետ մահու բարձր կոչումներու  արժանացուցած է  յատկապէս  արցախեան  քառօրեայ պատերազմի  ընթացքին  պարտականութեան  ճամբուն զոհուած հերոսները, որոնց   պարգեւները ստանձնած են  իրենց  հարազատները:  ԼՂՀ նախագահը նոյնպէս  պարգեւատրած  է  բարձրաստիճան տասնեակ   զինուորականներ, որոնք  պատերազմին մասնակից  ըլլալով,   կատարած  են իրենց  նուիրական  պարտականութիւնը:   Պարգեւատրումներու արժանացած են նաեւ  Արցախի,  Հայաստանի  եւ սփիւռքի  բազում գործիչներ, որոնք  տարբեր   ոլորտներու մէջ   իրենց  կարելի միջոցները  ներդրած են յանուն  Արցախի  անկախութեան  ամրապնդման,   բարօրեան  եւ անվտանգութեան:   «Արեւելք»ի թղթակիցին   փոխացմամբ, պարգեւատրեալներու  շարքին  եղած ամերիկահայ  գրող  Քրիս Պոհչալեան, որ   հակիրճ խօսք մը արտասանելով   մասնաւորապէս ըսած  է.   «Իմ համար    շատ  արժէքաւոր պահ է  պարգեւատրուիլ, այսքան  հզօր  հերոսներու կողքին: Կուզեմ ըսել, որ  ինքս  ինձ  անարժան կը զգամ   պատիւի արժանանալ   այսքան  հերոսներու կողքին»: Պոհչալեան   նաեւ ըսած է, որ ամերիկահայութիւնը,  ինչպէս  միշտ   այսօր եւս կը կանգնի  Արցախի  կողքին   յառելով. «Ես միայն չորս  բառերով  պիտի յղեմ պատգամս ու ըսեմ, որ ամերիկայութիւնը  Արցախի ու անոր հերոսական  ժողովուրդի կողքին է»: