«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ հալէպահայ երգիչ ՝Համբիկ Հէքիմեան
-Հակիրճ տողերու մէջ, ինչպէս կը ներկայանաք մեր ընթերցողներուն։
Ես Համբիկ Հէքիմնեանն եմ, ծնած եմ Հալէպ, փոքր տարիքէս շեշտակի հետաքրքրութիւն ունեցած եմ երաժշտութեան նկատմամբ, երգած եմ զանազան բերմերու վրայ, հիմնական Էմմանուէլ եկեղեցւոյ սրահէն ներս:
1997-էն սկսեալ երաժշտութիւնը ինծի համար դարձած է ապրուստի միջոց: Երգած եմ Հալէպի տարբեր սրճարաններուն մէջ: Վերջին չորս տարիներուն անընդմէջ կ'աշխատիմ Հալէպի «Արամ Մանուկեան» ժողովրդական տան Անի ճաշարանին հետ, իբր երգիչ:
-Ինչպիսի՞ երաժշտական դասընթացքներու հետեւած էք:
Սկսած եմ երգել անդամակցելով՝ դպրաց դասի երգչախումբին եւ այդտեղ իմ երաժշտական առաջին ուսուցիչս եղած է պարոն Յարութ Կէնտիմեանը: Վերջը՝ պատիւը ունեցած եմ ուսանողը ըլլալու նշանաւոր օփերայի երգչուհի ՝Արաքս Չէքիճեանին: Ապա սորված եմ զանազան ուսուցիչներու մօտ, հետեւելով ձայնամարզութեան, օրկի եւ արաբական ոճի դասընթացքներու։
2004-2005-ի շրջանին յաճախած եմ Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցի դասընթացքներուն, ուր հետեւած եմ Վալերի Յարութիւնեանի դասերուն:
-Շատ մը երգիչներ Հալէպէն գաղթեցին, իսկ դուք նախընտրեցիք մնալ ռումբերուն տակ եւ երգել, ինչո՞ւ:
Պարզապէս նախընտրեցի մնալ ընտանիքիս մօտ, խնամել հիւանդ հայրս ու նաեւ ըլլալ այրի քրոջս կողքին։
Հալէպ մնացի եւ պատերազմի հետեւանքով ստեղծուած այդ ծանր պահերը, հոգեվիճակները եւ պատերազմական դրութիւնը իրանդրադարձը ունեցաւ եւ պիտի շարունակէ ունենալ իմ արուեստի գոյներուն վրայ:
-Պատերազմի ժամանակ ինչպիսի՞ երգեր ստեղծագործեցիր:
Պատերազմի ժամանակ արուեստագէտի հոգին ուրիշ տարածքի մէջ կը մտնէ, կը ձեւափոխուի, կը յարմարուի ժամանակին եւ ժամանակը իր իմաստը եւ իւրայատուկ վերլուծութիւնները կ'ունենայ երաժիշտին համար:
Իմ պարագայիս, 2015-ին պատրաստած եմ «Leave us in peace» («Թողեցէք մեզ խաղաղութեան մէջ») արաբերէն եւ անգլերէն լեզուներով երգը: Իսկ երկրորդը՝ «Յաղթանակի որոշում» անունով հայրենասիրական երգն է, որ 2017-ին, մօտ 3 ամիս եթեր հեռարձակուեցաւ Սուրիոյ պետական հեռուստատեսութենէն։