Գերմանացի լրագրող Եորկըն Թոտընհոֆըր գրած է, թէ իր լրագրողական ասպարէզի ողջ գործունէութեան ընթացքին չէ հանդիպած քաղաքագէտի մը, որ ունի Ասատի համբերութիւնն ու ռազմավարութիւնը՝ ծրագրաւորելու, մտածելու եւ նոյնիսկ հեռատեսութեամբ իր առջեւ դրուած հարցերը լուծելու:Ան ըսած է, թէ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ յաջողեցաւ շատ դժուարին վիճակներու դէմը առնել եւ իր իշխանութեան դէմ՝ ներսէն ու դուրսէն եղած բոլոր պայքարներուն դիմակայել: «Ան շատ համբերեց, սակայն հիմա սկսաւ իր ռազմավարութեան պտուղները քաղել: Շատեր կը կարծեն, թէ այս երեւոյթը նախկինէն աւելի բարդ է, բայց ներկայ իրավիճակը քաղաքականօրէն աւելի լաւ է Ասատին համար», ըսած է լրագրողը, դիտել տալով, որ «Այսօր է, որ բոլորը սկսան ըմբռնել թէ Ասատի դէմ կռուողները ահաբեկիչներ են եւ ոչ յեղափոխականներ, որոնք ունին պահանջներ եւ քաղաքական քաոս ստեղծելու յստակ ծրագիր: Այստեղ, ես կը շեշտեմ յատկապէս Ասատի մասին, եւ իր վարչակազմէն ուրիշ ոչ ոքի մասին չեմ ուզեր վկայութիւն տալ: Վստահ եմ, որ անոնք բոլորը իրեն կը հարցնեն, ի՞նչ պիտի ընենք այսօր, որովհետեւ ինք անոնց մէջ ամենափորձառուն է, հակառակ տարիքային տարբերութեան: Անոր խորհրդականներէն մի քանին՝ Սուրիոյ նախկին նախագահին՝ հայր Ասատին տարեկիցներէն են: Սակայն որդի Ասատը յաթահարեց սուրիական եւ օտար քաղաքական խոհանոցները, նոյնիսկ ռուսականը: Ասատ կրցաւ ռուսը իր հետ մխրճել մէկ խրամատի մէջ եւ անկէ բանակցող սարքել իր եւ մեծ երկիրներու միջեւ, սուրիական պետութեան պայմաններով»: