image

Պաշար Ասատ յառաջիկայ ընտրութիւններուն պիտի շահի ձայներու 90 տոկոսը. ԱՄՆ Սենաթոր

Պաշար Ասատ յառաջիկայ ընտրութիւններուն պիտի շահի ձայներու 90 տոկոսը. ԱՄՆ Սենաթոր

Ամերիկայի Վըրճինիա նահանգի սենաթոր Ռիչըրտ Պլէք ըսած է, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշար Ասատ մօտ ապագային կայանալիք ընտրութիւններուն ջախջախիչ յաղթանակ պիտի տանի, ապահովելով ձայներու 90 տոկոսը: Այս մասին «Սփութնիք»ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է Պլէք, նշելով, որ այս յայտարարութեան հիմք կը ծառայեն գաղտնի սպասարկութեան աղբիւրներու տեղեկութիւնները:

Ան այս կապակցութեամբ յայտնած է, որ ինք Սուրիոյ մասին տեղեկութիւններ հաւաքած եւ տեղեկագիրներ պատրաստած շատ մարդոց հետ գործակցած է, որոնք վտանգաւոր մանրամասներ ներկայացնող տուեալներ նշած են, եւ այդ բացայայտումներու շարքին է՝ յաջորդ ըտրութիւններուն Պաշար Ասատի, նոյնիսկ ահաբեկչական խմբաւորումներու տիրապետութեան տակ գտնուող շրջաններուն մէջ,  90 առ հարիւր ձայներ շահելու տեղեկութիւնը:

Խօսելով Պաշար Ասատի եւ իր տիկնոջ Ասմաաի մասին, սենաթորը ըսած է, որ անոնք իրենց պաշտօնը հարստութիւն դիզելու նպատակին չեն ծառայացներ, ինչպէս շատ մը երկիրներու ղեկավարներ, այլ ընդհակառակը՝ իրենց անձը կը զոհեն՝ յանուն հայրենիքի ապահով ապագային:

Պլէք շեշտած է նաեւ սուրիական բանակի միասնականութեան կարեւորութիւնը, նշելով, որ անոր շարքերուն մէջ կ'ընդգրկուին քրիստոնեայ, ալաուի, շիի, սիւնի եւ տուրզի համայնքներէն զինուորներ, որոնք բոլորն ալ մէկ նպատակի՝ Սուրիոյ պաշտպանութեան համար կը պատերազմին: