image
Հրատապ լուրեր:

«Պաղեստինցիները անասուններ են». Րաբբի Իյալ Քարիմ

«Պաղեստինցիները  անասուններ  են». Րաբբի  Իյալ Քարիմ

Իսրայէլի Բարձրագոյն դատարանը յետաձգած է գնտապետ-խախամ Իյալ Քարիմի բանակի մէջ րաբբիի պաշտօնին նշանակումը, պահանջելով անկէ պարզաբանել իր կողմէ նախապէս հնչած խնդրայարոյց գաղափարները, որոնց շարքին է՝ արդարացի գտնել պատերազմի ժամանակ ոչ-հրեայ կիներու բռնաբարումը: Այս մասին կը գրէ «Ալ-Քուտս», նշելով, որ Քարիմի րաբբի նշանակման դէմ Բարձրագոյն դատարան բողոք բարձրացուցած էր ձախակողմեան «Միրէթս» պարբերականը:

Աղբիւրի համաձայն, Իյալ անընդունելի գտած է իգական սեռին բանակին մէջ ծառայութիւնը: Ան բացայայտած է նաեւ իր ծայրայեղութիւնը, պահանջելով, անյաջող անձնասպանական գործողութեան դիմած պաղեստինցիներուն բուժման չենթարկել, յայտարարելով, որ «ահաբեկիչ պաղեստինցիներուն հետ մարդու նման պէտք չէ վարուիլ, անոնք անասուններ են»: Համասեռականներն ալ ունեցած իրենց բաժինը անոր քննադատութիւններէն «հիւանդ եւ թերաճ» անուանուելով:

Ըստ AFP գործակալութեան, գնդապետ Քարիմը պիտի յաջորդէ բանակի երէց րաբբի Ռաֆֆի Փերեցին: Ան ուսում ստացած է «Աթիրաթ Քոհանիմ» ծայարայեղ բռնատիրական շարժումին հետեւող «Թելմոտիա» դպրոցէն ներս (Եաշիվա). շարժման հիմնական նպատակն է գրաւեալ արեւելեան Երուսաղէմի մէջ բռնատիրութիւն վերահաստատել:

Նշենք, որ բանակի երէց րաբբիի պաշտօնը խորհրդանշական է: Ան կրօնական հարցերու շուրջ խորհուրդներ կու տայ բանակի աշխատակազմի ղեկավարին, ինչպէս նաեւ ներկայացուցիչներ ունի իսրայէլեան բանակի ստորաբաժանումներուն մէջ: