image

Պաալպէքի ճակատումին համար ամերիկացիներուն հետ համագործակցութի՞ւն

Պաալպէքի ճակատումին համար ամերիկացիներուն  հետ համագործակցութի՞ւն

Ամերիկեան   բանակը      պատրաստ է  օժանդակելու լիբանանեան  բանակին:  Այս մասին գրած է  արաբատառ «Ալ Ախպար»    պարբերականը  նշելով, որ      տեղեկութիւնը կապ ունի  «Տահէշ»  ահաբեկչական խմբաւորման դէմ    Պաալպէքի լեռնային  շրջաններուն մէջ շղթայազերծուելիք      պատերազմին:Թերթին համաձայն  մասնաւորապէս «Ռիաք»    օդակայանին մէջ    գտնուող ամերիկեան   օդուժի    մասնայատուկ ուժեր պատրաստ են    լիբանանեան  բանակին օժանդակութիւններ տրամադրել, եթէ վերջինս     պահանջէ  այդ մէկը:  

  Կան  տեղեկութիւններ, որ     լիբանանեան  բանակը   կարեւոր  ծրագրեր  պատրաստած է       բոլոր կողմերէն  շրջապատելու  համար    «Տահէշ»ի զինեալները: Կը նշուի  նաեւ, որ այդ ծրագիրներուն մէջ նոյնպէս ընդգրկուած  պիտի ըլլան Սուրիոյ     բանակի   ստորաբաժանումներ: