image

«Oxfam» վտանգաւոր տեղեկագիր մը հրապարկեց. Թեման սեռային ոտնձգութիւններն են

«Oxfam» վտանգաւոր տեղեկագիր մը հրապարկեց.  Թեման սեռային  ոտնձգութիւններն են

Բրիտանական «Oxfam» կազմակերպութիւնը յայտարարած է, որ ընթացիկ ամսուան սկիզբը Հայիթիի մէջ 2011 թուականին տեղի ունեցած սեռական անբարոյական վարքի վերաբերեալ գործը քննելէն ետք 26 համանման նոր գործ սկսած է քննել:

«Lebanon 24» կայքին փոխանցմամբ, բարեգործական կազմակերպութեան գործադիր տնօրէն Մարք Կոլտրինկ լոնտոնեան խորհրդարանական յանձնաժողովին յայնտած է, թէ քննուող գործերէն 16-ը կապուած են «Oxfam»ի միջազգային գործողութիւններուն, աւելցնելով, որ յիշեալ 26 գործերուն առնչուող դէպքերը տարբեր ժամանակաշրջաններու կը վերագրուին, անոնցմէ ոմանք նոր տեղի ունեցած են, իսկ ուրիշներ տարիներ առաջ պատահած դէպքեր են, որոնց դէմ այդ օրերուն բողոքներ չեն ներկայցուած:

Կոլտրինկ միաժամանակ կոչ ուղղած է ժողովուրդին որեւէ պարագայի իրենց հետ պատահած դէպքերուն վերաբերեալ հաղորդումներ տալ ու բողոքներ ներկայացնել: