Օրեր առաջ հացադուլ սկսած աւելի քան 50 քիւրտ գործիչներ դադրեցուցին հացադուլը: Քիւրտ գործիչները այս որոշումին յանգեցան լսելէ ետք PKK-ի հիմնադիր համարուող Ապտիւլլահ Օճալանի «պատգամ»ը:Նշենք, որ Օճալանի եղբայրը Մոհամմատ, երէկ վերջինիս հետ հանդիպում մը ունենալէ ետք լրագրողներուն հետ խօսելով յայտնած էր, թէ Օճալան առողջական լաւ վիճակի մէջ է: Օճալան, որ յայտնի է Աբո անուանումով նաեւ ըսած է, թէ ինք պատրաստ է քաղաքական ծրագիր ներկայացնել Անգարային վերջ տալու համար շուրջ տարիէ մը ի վեր քիւրտ զինեալներու եւ թուրք բանակային ուժերուն միջեւ սաստկացած ռազմերուն: Յիշեցնենք, որ 1999-էն ի վեր ցկենաս բանտարկութեան պատիժ կրած Օճալան վերջին մէկ տարուան ընթացքին պետական արգելքներով հանդիպում չէր ունենար, իր փաստաբաններուն եւ ընտանեկան պարագաներուն հետ: Օճալանի Անգարայի հետ երկխօսութիւն ընելու այս կոչը առաջինը չէ, իր տեսակին մէջ եւ ան ասկէ շուրջ տարի առաջ նմանատիպ նամակ- կոչով հանդէս եկած էր:
1984-ին Ծայր առած թուրք- քիւրտ բախումներուն հետեւանքով զոհուած է 40.000 մարդ: Քրտաբնակ հարիւրաւոր գիւղեր եւ աւաններ յայտնուած են ծայր աստիճան ծանր եւ ողբերգական պայմաններու մէջ, մինչ Էրտողանի իշխանութիւնները մասնաւորապէս յուլիսի դէպքերէն յայտարարած են, որ ամէն գնով պիտի «ճզմեն» PKK–ի զինեալներու ամբողջ կարողականութիւնը: