image

Օդային հաղորդակցութիւնը կը վերականգնուի Յուլիսի կէսերուն. Պարէտ

Օդային հաղորդակցութիւնը  կը վերականգնուի  Յուլիսի կէսերուն. Պարէտ

Երէկուընէ կ'աշխատինք առաջիկայ միջնաժամկէտ հատուածին ռազմավարական մօտեցումները ձեւակերպելու ուղղութեամբ: Այս մասին 1 յունիսին, պարէտատան հեռավար նիստէն ետք ճեպազրոյցի ժամանակ նշած է ՀՀ պարէտ, փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեանը:

«Մենք հաշուի պիտի առնենք համաճարակային վիճակն ու տնտեսական հնարաւորութիւնները, որոնք պակաս կարեւոր չեն:

Զբօսաշրջութեան ոլորտին մէջ քայլերու ծրագրումն է եւ օդային հաղորդակցութեան վերաբացման հետ կապուած հարցերը, որոնց շուրջ քննարկումներու հետեւանքով կ'ենթադրուի, որ նախնական ժամկէտները պիտի ըլլան յուլիսի կէսերէն»,-ըսած է ան: