image

«Նոյնիսկ Եթէ Հայերու Աճիւնները Գետին Շպրտած «Ալ Նուսրա»ն Ոչնչացուի, Արեւմուտքը Պիտի Շարունակէ Լուռ Մնալ».Րոպըրթ Ֆիսք

«Նոյնիսկ Եթէ    Հայերու  Աճիւնները Գետին  Շպրտած    «Ալ Նուսրա»ն Ոչնչացուի,   Արեւմուտքը  Պիտի  Շարունակէ Լուռ Մնալ».Րոպըրթ Ֆիսք

«Նոյնիսկ եթէ Տէր Զօրի  հայկական եկեղեցին   աւերած եւ 1915-ի հայ  քրիստոնեայ զոհերուն  աճիւնները    գետին շպրտած   «Ալ Նուսրա» ճակատի զինեալները   ոչնչացուին,  արեւմուտքը պիտի շարունակէ լուռ մնալ»  այսպէս  գրած է       Րոպըրթ  Ֆիսք The Independent-ի     մէջ  իր  այսօր  հրապարակած   յօդուածով:      Բրիտանացի յօդուածագիրը, որ  անդրադարձած է    Փալմիրա  պատմական  քաղաքին մէջ  ISIS-ի    կրած  պարտութեան   եւ շրջանը  Սուրիոյ բանակին տիրապետութեան տակ անցնելուն մասին, նկատել տուած է, որ հակառակ այս կարեւոր  ձեռքբերման Արեւմուտքը եւ մասնաւորապէս Բրիտանիա եւ ԱՄՆ կը շարունակեն լուռ մնալ:  Ան նաեւ կասկած յայտնած է, որ  Միացեալ Նահանգներուն համար այսօր   առաջնային օրակարգ կը  կազմէ  ISIS-ի ոչնչացումը  ըսելով, թէ «անոնք  կուզեն     «քիչ  մը հարուածել»  ISIS-ը  եւ ոչ թէ ամբողջական հարուած տալ  ահաբեկիչներուն»:  Ֆիսք, Արեւմուտքի պատասխանատուներուն ուղղելով    իր խօսքը   հարց  տուած է, թէ  ինչ   կ'ակնկալեն  անոնք Սուրիոյ   նախագահ Պաշշար Ասատէն  ըսելով « Պարոնայք, դուք ի՞նչ կը պահանջէք  Ասատէն:   Երեւի  դուք   կ'ուզէք, որ Ասատ  միայն աղօթէ   խաղաղութեան համար»: Ան  նաեւ  նկատել տուած է,  որ ISIS-ի  Փալմիրայի մէջ  կրած պարտութիւնը  վերջին   երկու  տարիներուն ամէնէն ծանր  հարուածն է  այդ ահաբեկչական խմբաւորումին դէմ նկատել տալով,որ Արեւմուտքը փոխանակ  ողջունէ       օրեր առաջ  Պրիւքսէլի  մէջ   30 անմեղ  մարդոց կեանքը խլած   ISIS-ի դէմ եղած  հարուածը կը շարունակէ լուռ մնալ:   Յիշեցնենք, որ  Սուրիոյ բանակը այսօր      ռուսական օդուժին  եւ «Հըզպալլա»ի   զինեալներուն օգնութեամբ (ինչպէս   գրած է  Ֆիսք)       յաջողեցաւ իր տիրապետութեան տակ առնել Փալմիրան: