Երէկ ուշ երեկոյեան յայտարարուած են Սուրիոյ խորհրդարանի ընտրութեանց պաշտօնական արդիւնքները: Նորընտիր խորհրդարան հասած են նաեւ երկու հայ թեկնածուներ, Դամսկոսէն՝ Նորա Արիսեան եւ Հալէպէն ՝ Ժիրայր Ռէիսեան: Նշենք նաեւ, որ Դամասկոսէն նոյնպէս իրենց թեկնածուութիւնը դրած էին Երատօ Գրիգորեան եւ Վահէ Մահշիկեան, իսկ Հալէպի մէջ Ժիրայր Ռէիսեան ներկայացած էր որպէս միասնական թեկնածու: Սուրիոյ խորհրդարանի 250 աթոռներուն համար ներկայացած էին 3500 թեկնածուներ: Հայկական համայնքը այսպիսով կը վերատիրանար տարիներ առաջ Հալէպի մէջ իր կորսնցուցած աթոռին: