Լոնտոնի հրդեհուած բնակելի աշտարակի 4-րդ յարկի 14-րդ բնակարանի մէջ ապրող կինը հաստատած է, որ կրակը սկիզբ առած է իր եթովպիացի հարեւան, նոյն յարկին վրայ գտնուող 16-րդ բնակարանէն: Եթովպիացի բնակիչը խոստովանած է, որ չորեքշաբթի առաւօտ հրդեհը իր տան մէջ սկսած էր: Այս մասին կը հաղորդէ Alarabianet-ը:
14-րդ բնակարանի կինը պատմած է, թէ դրացին իր դուռը զարնելով արթնցուցած է զինք կէսգիշերին եւ շփոթած ու սարսափած վիճակի մէջ յատնած է իր տան խոհանոցին մէջ բռնկած հրդեհի մասին: «Ես նայեցայ բաց դուռէն եւ տեսայ կրակը. Փոքր կրակ մըն էր խոհանոցին մէջ ... ահազանգի ձայն նոյնիսկ չլսուեցաւ»,- պատմած է կինը:
Եթովպիացիի ընկերուհին կարճ խօսելով բրիտանական «Daily Mail»ին, յայտնած է, որ իր բարեկամ՝ եթովպիացի Behailu Kebede-ին 41 տարեկան է, ան թաքսիի վարորդ է Լոնտոնի մէջ եւ մէկ երեխայի հայր է. եղած է շէնքէն առաջին փախողներէն: «Հիմա լաւ է , բայց ի վիճակի չէ խօսելու»,-ըսած է ան: Իսկ դրացիին մասին, որ կրակի մասին առաջին իմացողներէն մէկն էր, բրիտանական թերթը գրած է, որ ան եւս փրկուած է եւ այժմ հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ կը հանգստանայ ստացած ցնցումի պատճառով, մանաւանդ երբ աչքին առջեւ տեսած էր կրակի 15 վայրկեանուան մէջ վերի յարկեր մագլցիլը: