Եզիտի աքթիւիստ Նատիա Մուրատ ստացած է նոպէլեան խաղաղութեան մրցանակը։ Այս մասին այսօր յայտարարութեամբ հանդէս եկած է Նոպէլեան մրցանակի պատասխանատու մարմինը (կեդրոնը՝ Նոդրվէկիա)։
Կը նշուի նաեւ, որ Մուրատ իր մրցանակը կը բաժնեկցի Գոնկոցի բժիշկ Տէնիս Մոքոյճիի հետ։ Յիշեցնենք, որ Մուրատ յայտնի դարձաւ ISIS-ի կողմէ Իրաքի եզիտիներուն դէմ գործադրուած բռնարարքներու եւ սպանդի օրերուն։
Ան տարբեր առիթներով այցելած է Հայաստան մօտէն ծանօթանալու Իրաքի պատերազմին հետեւանքով փախստական դարձած եզիտներուն։