Դամասկոսեան թաղամասերու կեդրոնական տարածքին հսկայ աշտարակներէ բաղկացող մեծ առեւտրական համալիրի մը հիմնաքարը դրուած է Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի կողմէ: Այս մասին կը փոխանցէ LBC նշելով, որ Սուրիոյ մէջ, որուն ամենաշատը կը յարմարի «քար քարի վրայ չէ մնացած» բնորոշումը, նախագահ Պաշշար Ասատ հանդէս կու գայ շինարարական նոր ծրագրի մը հիմը դնելով, Դամասկոսի մէջ գտնուող 2,140,000 քառակուսի մեթր տարածութեան վրայ:Այս ծրագիրը մեկնարկած էր Ասատի կողմէ 2012-ին հրապարակուած նախագահական հրամանագրի մը համաձայն, որ կը նախատեսէր ապօրինի ու անկանոն կերպով կառուցուած բնակելի տուների վերացումը: Ծրագրի իրականացման առաջին քայլերը սկսած են 2015-ին: Աղբիւրը կը նշէ, որ «Ալ-Ռազի» ծրագիրը կը գտնուի Դամասկոսի Մազզէ թաղամասի զուգահեռ, ուր սկիզբ առած են Սուրիոյ վարչակարգին դէմ ելած առաջին ցոյցերը: Այս ծրագրի տարածքին, պիտի կառուցուին 186 բնակելի շէնքեր ՝ 11-22 յարկերէ բաղկացած, 33 առեւտրական եւ հիւրանոցային կառոյցներ՝ 50 յարկի հասնող բարձրութեամբ, առեւտրական համալիր մը, որ պիտի ըլլայ Սուրիոյ մէջ ամենամեծը՝ 97 000 մեթր քառակուսի տարածքի վրայ, 17 ուսումնական կառոյցներ եւ 5 կրօնական տուներ, 4 կառավարական կեդրոններ, 4 պէնզինի կայաններ եւ 2 առողջապահական կեդրոններ: Ծրագրի աւարտը նախատեսուած է 2020-ին: