image

Նախագահ Բակօ Սահակեան այցելած է Ալաշան հաստատուած թալիշցիներուն

Նախագահ Բակօ Սահակեան այցելած է Ալաշան  հաստատուած թալիշցիներուն

Արցախի Հանրապետութեան Նախագահ Բակօ Սահակեան 11 սեպտեմբերին այցելած է Մարտակերտ շրջանի Ալաշան տեղամաս եւ հանդիպած ապրիլի 2-5 Ազրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած պատերազմի հետեւանքով իրենց տուները լքած ու այնտեղ հաստատուած թալիշցիներու հետ: Այս մասին կը յայտնեն Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն, նշելով, որ հանդիպման քննարկուած են թալիշցիներու սոցիալ-կենցաղային պայմաններու բարելաւման ծրագրիրներու ընթացքին առընչուող հարցեր:

Նախագահը համապատասխան յանձնարարականներ տվուած է շահագրգիռ մարմիններու ղեկավարներուն` աշխատանքներու պատշաճ իրականացման ուղղութեամբ: Նախագահին ուղեկցած են Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեանը, ԼՂՀ ԱԺ նախագահ Աշոտ Ղուլեանը եւ պաշտօնատար այլ անձինք: