image

Նախագահ Աուն Մոսկուա պիտի այցելէ

Նախագահ Աուն Մոսկուա պիտի այցելէ

Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ Զօր. Միշէլ Աուն առաջին անգամ ըլլալով Մոսկուա պաշտօնական այցելութիւն մը պիտի տայ: Այս մասին տեղեկութիւնը հաղորդեց VDL կայանը, նշելով, որ շատ հաւանական է, որ այդ այցելութիւնը տեղի ունենայ յառաջիկայ 25 Մարտին:

Աղբիւրը նաեւ հաղորդեց, որ լիբանանցի քրիստոնեայ նախագահին այս այցը առաջինը պիտի ըլլայ իր տեսակին մէջ եւ նախագահ Աուն ազգային անվտանգութեան մակարդակի խնդիրներ պիտի քննարկէ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ:

Յիշեցնենք, որ առաջին անգամն է, որ Լիբանանցի բարձրաստիճան պատասխանատու մը Մոսկուա կ'այցելէ, յատկապէս Սուրիոյ մէջ Ռուսաստանի միջամտութենէն եւ ներկայութենէ ետք: