Յունուար 21ին,մահացած է Թուրքիոյ ամենէն մեծ ընկերութիւններէն «Koç Holding»ի սեփականատէր եւ ճարտարարուեստի կարեւորագոյն դէմքերէն Մուսթաֆա Քոչը:
Քոչի մահը սակայն հայոց գրաւեալ ինչքերու հարցի վերարծածման պատճառ դարձած է, որովհետեւ Մուսթաֆա Քոչ հայոց ցեղասպանութեան զոհ դարձած հայ քաղաքացիներու ինչքերու իւրացումով կրցած էր հիմնել իր հսկայ առեւտրական ընկերութիւնը:
Այս մասին բազմաթիւ գրութիւններ լոյս տեսած են երկրի առցանց մամուլի էջերուն, որոնց տակ տեղ գտած մեկնաբանութիւններուն մէջ մեծամասնութիւնը կը գտնեն, որ հայոց ինչքերու իւրացման մասին պնդումները սուտ են, զրպարտութիւններ են, նման բաներ ըսելը ազգին նկատմամբ դաւաճանութիւն է:
Նշենք, որ «Koç Holding» ընկերութիւնը կը զբաղի շինարարութեամբ, սննդամաթերքի արտադրութեամբ, ինչպէս նաեւ համակարգիչներու, ինքնաշարժերու եւ ելեկտրական կազմածներու առուծախով։
Միացիր մեզ Տելեգրամում
Միացիր մեզ Յութուբում
Կիսուիլ