image

Մուհարրէմ Քյոսէ կը Կոչուի երէկ եղած յեղաշրջման փորձին գլխաւոր հեղինակը

Մուհարրէմ Քյոսէ կը  Կոչուի  երէկ  եղած յեղաշրջման  փորձին  գլխաւոր հեղինակը

Թուրքիա- (Anadolou-Պոլիս)Երէկ Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած պետական յեղաշրջման փորձի հեղինակը գնդապետ Մուհարրէմ Քյոսեն է, որ վերջերս հեռացուած էր բանակը գլխաւոր շտապի խորհրդականի պաշտոնէն: Այս մասին կը յայտնէ Թուրքիոյ պետական «Anadolu» լրատուական գործակալութիւնը: Շարժման կազմակերպման մէջ կը մեղադրուին նաեւ գնդապետ Մեհմետ Օղուզ Աքքուշը, մայոր Էրքան Աղըրը, փոխգնդապետ Տողան Ույսալը: Կը նշուի, որ շարժման կազմակերպիչներու խումբը, ընդհանուր առմամբ, բաղկացած եղած է զինուած ուժերու 37 տարբեր պաշտօնեաներէ: Վերջիններս յեղափոխութիւնը յաջողութեամբ պսակելու պարագային նախատեսած էին մասնաւորապէս ռազմական ոլորտի բարձրաստիճան պաշտօններու մէջ շարք մը նոր նշանակումներ իրականացնել: Յայտնի դարձած է,  որ այդ նպատակով շուրջ 400 պաշտօնի համար յատուկ ցուցակ նախապատրաստուած էր: Մասնաւորապէս նախատեսուած եղած  են նոր նշանակումներ արտասահմանեան կցորդներու շրջանին, ոստիկանական գլխաւոր հրամանատարութեան եւ օդուժի հրամանատարութեան ստորաբաժանումներուն մէջ: Յիշեցնենք, որ 15 յուլիսի երեկոյան Պոլսոյ եւ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ սկսած ռազմական ճանապարհով պետական յեղաշրջման փորձը 16 յուլիսին առաւօտեան արդէն գրեթէ լիովին ճնշուած է: Շարժման կազմակերպման եւ մասնակցութեան մէջ մեղադրուող հարիւրաւոր զինուորականներ ու պաշտօնեաներ ձերբակալուած կամ պաշտօնաթող եղած են: Թուրքիոյ  նախագահը այս գործողութիւնը որակած է որպէս պետական դաւաճանութիւն եւ յայտարարած, որ մեղաւորները ամենախիստ ձեւով պիտի պատժուին: