Հալէպ- («Ալ-Հայաթ»- Լոնտոն)- Սուրիոյ բանակին օդային աջակցութիւն ապահովող Ռուսիոյ սպայակոյտի մարմինը երկուշաբթի օր յայտարարած է, որ Հալէպ քաղաքը ներխուժելու մտադրութիւն չի նախատեսուիր, հակառակ «Ալ-Նուսրա»ի հազարաւոր զինեալներու քաղաքին շուրջ կեդրոնացման: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Ալ-Հայաթ», նշելով, որ անցած շաբաթներուն կռիւ սկսած էր զինուած ընդդիմութեան եւ սուրիոյ կառավարութեան ուժերու միջեւ՝ Հալէպի շուրջ, սպառնալով խախուտ հրադադարը: Ռուսական սպայակոյտի գլխաւոր գործողութիւնները վարող ղեկավար Սերկէյ Ռոտսքոյին նշած է, որ «շուրջ 9500 «Ալ-նուսրա»ի մարտիկներ դիրքաւորուած են քաղաքի հարաւ-արեււտեան եւ հիւսիսային Հալէպի տարածքին, որոնք մտադիր են լայնածաւալ յարձակում կատարել՝ փակելու համար ճանապարհը Հալէպի եւ մայրաքաղաք Դամասկոսի միջեւ», աւելցնելով, որ Սուրիոյ բանակի եւ ռուսական օդուժի գործողութիւնները միտուած են «Նուսրա»ի ծրագրերու ձախողութեան եւ ոչ թէ Հալէպ քաղաքը ներխուժելու:
Մինչ իր հերթին Սուրիոյ վարչապետը Ուաէլ Հալագին յայտարարած էր, որ ռուսական ռազմաօդային ուժերը եւ սուրիական բանակը կը պատրաստին վերականգնել Հալէպ քաղաքի վրայ հսկողութիւնը, որու համարեայ կէս տարածքը կը գտնուի ընդդիմութեան վերահսկողութեան տակ: